top

ARMENIAN PRAYERS


ԱՂՕԹՔ ԱՌ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՍԷՓԱՅ
ԱՂՕԹՔ ԿՈՐԾԱՆԵԼՈՒ ՍԱՏԱՆԱԻ ԳՈՐԾԸ

Աղօթք Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետին

Աղօթք ստանալու յամայն աշխարհի պատարաքներու պարգեւները

Բժշկութեան Աղօթք

ԵՕԹԸ  ԶՕՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ  ՅԻՍՈՒՍԻ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԱՐԵԱՆ

Ընտանեկան Համերաշխութեան Աղօթք
ԽԱՉԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԱՂՕԹՔ
ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԻ ԱՂՕԹՔ
ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԽՆԴՐԱՆՔ
ՀԱՎԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ
ՀՐԵՇՏԱԿ ՏԵԱՌՆ
Յիշէ
ՅԻՍՈՒՍԻ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԱՐԻՒՆԻ ՎԱՐԴԱՐԱՆԸ
ՅԻՍՈՒՍԻ ՍՈՒՐԲ ՎԷՐՔԵՐՈՒ ՎԱՐԴԱՐԱՆԸ
ՆԵՐՈՒՄ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԱՂՕԹՔ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ
ՈՂՉՈՅՆ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳՈՒՀԻ
ՊԱՂԱՏԱՄՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՊԱՂԱՏԱՆՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ


Հայր մեր

Հայր մեր, որ յերկինս ես,
Սուրբ եղիցի անուն Քո.
Եկեսցէ արքայութիւն Քո.
Եղիցին կամք Քո որպես յերկինս` եւ յերկրի.
Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր.
Եւ թող մեզ զպարտիս մեր,
որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց:
Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն,
այլ փրկեա զմեզ ի չարէն.
Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս: Ամեն:

Ողջոյն քեզ Մարիամ

Ողջոյն քեզ Մարիամ. լի շնորհոք Տէր ընդ քիզ.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս եւ Օրհեալ է պտուղ որովայնի քոյ Հիսուս:
Սրբուհի Մարիամ, Մայր Աստուզոյ, բարեքհոսեա՛ վասն մեր մեղաւորացս,
այժմ եւ ի ժամու մահուան մերոյ. Ամեն:

Փառք Հօր
Փառք Հօր Եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԻ ԱՂՕԹՔ
Ամենագթած Փրկիչ, գիտեմ ես քեզի դէմ մեղանչեցի, քու սուրբ օրէնքներուդ հակառակ գործելով: Իմ մեղքերովս, քեզմէ աւելի բարձր դասեցի արարածները եւ հաճոյքներս: Թէեւ պատիժի արժանի եմ, սակայն բարերար Յիսուս, տուր շնորհքը ճանչնալու յանցնաքներս, անոնց վրայ զղջալու, անկեղծօրէն զանոնք խոստովանելու եւ թողութեան արժանի ըլլալու:Ամէն:

Սուրբ Միքայէլ, երկնային հրեշտակապետՈ՛վ Սուրբ Միքայէլ, երկնային հրեշտակապետ, պաշտպանէ՛ մեզ, երբ կը պատերազմինք ընդէմ խաբեբայ Սատանային: Ո՛վ Տէր, աղերսագին կը խնդրենք, դո՛ւն եղիր մեր ապաստանը եւ սաստէ հակառակորդ թշնամին: Ո՛վ Երկնային փառապանծ իշխանդ՝ Սուրբ Միքայէլ, այն զօրութեամբ, որ Աստուած քեզի յանձնեց, կրկին դէպի դժոխք դարձուր Սատանան եւ իրեն հետեւող բոլոր դիւային գունդերն ու պիղծ ոգիները, որոնք երկրի վրայ շրջելով՝ կը փորձեն կորուստի մատնել հաւատացեալներու հոգիները:Ամէն:

ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ԽՆԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՄԱՆ ԶՕՐԱՒԱՐ ԱՂՕԹՔ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԷՆ Կենդանի Աստուծոյ Որդի, օրհնեալ ամէն բանի մէջ, դուն ահաւոր Հօրը անքննելի ծնունդ: Քեզի համար անկարելի բան չկայ:
Երբ քու փառաւոր ներկայութեանըդ անստուեր նշոյլները ծագին մեղքերը կը հալին, դեւերը կը հալածուին, յանցանքները կը ջնջուին, կապանքները կը խզուին, շղթաները կը փշրուին, մահացածները նոր ծնունդով կը կենդանանան, հարուածները կը բժշկուին, վէրքերը կ’առողջանան, ապականութիւնը կը վերնայ, տխրութիւնը տեղի կուտայ, հեծութիւնը կը նահանջէ, խաւարը կը փախչի, մշուշը կը մեկնի, մառախուղը կը հեռանայ, մռայլը կը փարատի, աղջամուղջը կը սպառի, մութը կը վերանայ, գիշերը կը մեկնի, տագնապը կը տարագրուի, չարիքները կը չքանան, յուսահատութիւնը կը հալածուի, անեցքները կը չնչվին, եւ քու ամենակարող ձե ռքդ կը թագաւորէ, ո վ քաւիչ բոլորին:Դուն, որ չեկա՛ր մարդոց հոգիները կորսնցնելու, այլ փրկելու, քու անսահման ներողամտութեամբդ ներէ իմ եւ ընտանիքիս անթիւ չարիքները,  որովհետեւ միայն դո՛ւն ես երկինքի մէջ անճառելի եւ երկրի վրայ անքըննելի, որ ներկայ ես՝ գոյութիւն ունեցող իւրաքանչիւր տարրի մէջ եւ աշխարհի բոլոր կողմերը. դուն՝ ամէն բանի սկիզբը, ամէն բանի մէջ ներկայ, որ կատարելապէս կ’օրհնաբանուիս բարձունքներուն մէջ:Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին փա ռք Քեզի՝ յաւիտեան: Ամէն:

Թագաւոր հզօր  Թագաւոր հզօր, ապաւէն ծարաւելոց, փրկիչ նեղելոց, որ վասն մեր խոնարհեցար ի հայրական ծոցոյ եւ առեր մարմին ի սիրբոյ կուսէն Մարիամայ վասն մերոյ փրկութեան, մատնեցար, ըմբռնեցար,  չարչարվեցար, խաչեցար եւ թաղեցար եւ յարեար ի մեռելոց, եւ համբարձար փառօք առ Հայր,զարթո՛ զզօրութիւն քո եւ ե՛կ ի կեցուցանել զգինս արեան քո Տէ՛ր, եւ մի՛ տար գերել սատանայի զքո փրկեալս, եւ մի՛ տար բնակութիւն չարին՝ զտաճար անվանդ քոյ սիրոյ.

եւ մի՛ զլքեալս քեզ մարմին եւ անդամ թողուլ ի կոխումն եւ ի կատականս չարին. այլ գթա՛ ի քո արարածս արարչական սիրով.

Տէ՛ր, ողորմեա մեզ,  զի ի Խաչ պարծելով պարծեցաք, եւ պահելով պահաեսցէ ըզմեզ յերեւելի եւ աներեւոյթ թշնամւոյն. եւ լիցի պահապան ծառայիս Աստուծոյ. Ամէն:

Չար իշխանքն հալածին, Որք ընդ ծառայս քո մարտնչին. Երեւելով նշան Խաչին, Աներեւոյթք կործանեսցին: (3X)


Պաղատիմք Առ Ս. Խաչն

Աստուած Ամենակարող որ վասն իմոյ մեղացս մեռար ի վերայ խաչափայտին
լեր ընդ իս հանապազ աղաչեմ զՔեզ:+ Սուրբ խաչ Յիսուս Քրիստոսի, Ողորմեա ինձ
+ Սուրբ խաչ Յիսուս Քրիստոսի, Ողորմեա ինձ
+ Սուրբ խաչ Յիսուս Քրիստոսի, Ողորմեա ինձՀասո զիս զմեղաւորս ի ճանապարհն փրկութեան
Հասո զիս զմեղաւորս ի ճանապարհն փրկութեան
Հասո զիս զմեղաւորս ի ճանապարհն փրկութեանԱզատեա՛ եւ զերծո՛ ի հոգեւոր եւ մարմնաւոր վտանգից:Ո՛վ Խաչ Յիսուսի Նազովրեցւոյ, զոր պաշտեմ յաւիտեան, ողորմեա ինձ եւ հալածեա յինէն զչար ոգին զի ի

փախուստ լիցի յինէն յաւիտեան յաւիտենից. Ամէն:

Արտասուալից աչօք ի ծունր իջեալ աղերսեմ ի պատիւ Անգին Արեան Յիսուսի եւ ի պատիւ Իւր մարդեղութեան, որ կարող է առաջնորդել զմեզ ի կեանս յաւիտենականս, եւ զոր խոստովանիմք,   եւ հաւատամք յայսմ ճշմարտութեանց այնպէս ինչպէս ստուգապէս Յիսուս Իր Ծննդեան օրը ծնաւ, եւ Ուրբաաթ օր մեռաւ. Ամէն: Երկիւղիւ եւ հաւատով յանձնուիլ: